Իրանի պատվիրակությունը, արտաքին գործերի նախարար Աբաս Արաղչիի գլխավորությամբ, մեկնել է Իսլամաբադից բարձր մակարդակով մի շարք հանդիպումներից հետո՝ տեղեկացրել է Al Jazeera-ն։ Մեկնելուց առաջ պատվիրակությունը Պակիստանի ղեկավարներին է հանձնել ամերիկա-իսրայելական պատերազմը դադարեցնելու մասին իր պահանջների պաշտոնական ցուցակը։               
 

Դոլորես Լիպման-Զօհրապ. Հօրս մասին

Դոլորես Լիպման-Զօհրապ. Հօրս մասին
26.04.2026 | 12:20

Ամէն բան կը յիշեմ։ Վերջին գիշերուան ամէն մէկ վայրկեանը կը յիշեմ։ Հայրս` Գրիգոր Զօհրապը, ճաշի եկաւ։ Կը ճաշէինք կոր (կը ճաշէինք)։ Հազիւ լմնցուցած էինք, դուռը զարնուեցաւ։ Երկու-երեք հոգի եկան, տարին հայրիկիս։ Տաճկերէն ինչ խօսեցան՝ չեմ գիտեր, ես պզտիկ աղջիկ մըն էի։

Այն ժամանակ մայրս Կլարան և քոյրս Հերմինը, տունն էին։ Եղբայրներս Եւրոպա էին, հոն կ’ուսանէին... Մեր տունը բարեկամներ շատ կու գային։ Հայրս իր բիւրոն ունէր, փաստաբան էր, բայց տունն ալ կու գային։ Շատ անգամ կու գային, կ’ըսէին. «Էֆենտի, բարեկամ մը ունիմ, Վանէն եկած է, քանի մը վայրկեան կրնա՞ք տալ»։ Քովի սենեակին մէջ հայրս կ’ընդունէր թէ՛ ամենաճանչցուած մարդուն, թէ՛ վանեցի համեստ մարդուն։ Ան կու գար, հօրս կը տեսնէր, իրեն տրուած խրատն ալ կ’առնէր, քիչիկ մըն ալ հօրս տուած ստակն ալ կ’առնէր, կ’ելլէր, կ’երթար։

Մայրս հայուհի էր, անունը՝ Կլարա, պոլսեցի էր։ Երբ մեր հայրիկին տարին, մայրս ռուսական դեսպանատունը գնաց, հոնտեղը ըսաւ, որ ասանկ-ասանկ բան մը եղաւ։ Մայրս իմ ձեռքէս կը բռնէր, կ’երթայինք ճանչցած տաճիկներուն տունը, մայրս կ’ըսէր. «Կ’աղաչեմ, օգնեցէ՛ք, իրաւունք չունիք Գրիգոր Զօհրապի պէս երեսփոխան մարդուն ձեռք դպցնել»։ Բայց մարդ մտիկ չէր ըներ։

Թալէաթը, որ մինչ այդ մեր տուն կու գար (այնքան աղէկ կը յիշեմ զայն), հայրիկիս տանելէն վերջ օր մը փողոցը զիս տեսաւ, ձեռքով ըրաւ, ամմա (բայց) ես գլուխս դարձուցի։ Ան միշտ կու գար մեզի։ Կու գար, թուղթ կը խաղային հօրս հետ, կլուբը կը տեսնուէին իրար հետ, աղէկ բարեկամ էին։

Ծնողքս ամէն բանով հոգ տարած էին մեզի։ Պզտիկ աղջիկ էի, շատ աղէկ դաշնակ կը զարնէի։ Ամէն անգամ հայրս մեզմով կը զբաղուէր։ Սքանչելի պառկելու սենեակ մը ունէր Բոսֆորին վրայ պատուհաններով։ Հայրս կանուխ անկողին կը պառկէր, ալ փողոց ելլել չէր ուզեր։ Մէկ գիշեր ես հայերէնով իրեն կը պատմէի իմ կարդացած գիրքս, մէկ գիշեր ալ քոյրս։ Հայրս մեզի ստակ չէր տար։ Բայց աղէկ գերմանական լիբրէրի (գրախանութ) մը կար։ Մայրս գացած, ըսած էր. «Իմ աղջիկներս գիրք ուզեն նէ՝ տուէք, բայց աղէկ գրքեր տուէք»։

...Ինքը կը զգար, որ պատերազմի ժամանակ վիճակը գէշ է, բայց մենք պօլիտիկայով չէինք զբաղուիր։ Հայրս կը տեսնէինք, երբ սեղան կը նստէինք, կը ճաշէինք։ Հօրս ամէն ըսածը միտքս է։ Եա (կամ) խրատ կը հարցնէի։ Ան կ’ըսէր` «աղէկ աշխատելու էք, լեզուներ աղէկ գիտնալու էք»։ Մեր տան մէջ հայերէն կը խօսէինք, բայց երբ հայրս կը ճամբորդէր նէ, իր նամակները ֆրանսերէն կը գրէր, քանի որ մենք հայերէն գրել-կարդալ չգիտէինք։

Հայրս շատ կը սիրէր մեզի, բայց շատ ալ խիստ կ’ըլլար մեզի հետ։ Կ’ուզէր, որ մենք աղէկ աշխատէինք, նոյնիսկ ծեծ կ’ուտէինք... Օրին մէկը եկած էր իր աշխատելու սենեակը, կարմիր կաշիէ մէբլեր (կահոյք) կային, անոնք գոցուած էին։ — Ներս եկէ՛ք,— ըսաւ հայրս մեզի։ Եղբայրներս այդ օրը տանն էին։ Անոնք գացին` անոնք մէկ-մէկ կերան (ծեծը)։ Քոյրս գնաց, ան ալ մէկ հատ մը կերաւ։ Ես դրան դիմացն էի։ — Մօտեցի՛ր,— ըսաւ ինծի։ — Ինչպէ՞ս մօտենամ,— ըսի,— ես ալ ծեծ պիտի ուտեմ,— ու չկերայ ծեծ։

...Վերջը հօրմէս քանի մը նամակ եկաւ, բայց պօստայով (փոստով) չեկաւ։ Թենեկէով իւղ կը ղրկէին, մէկ նամակը իւղի թենեկէի մէջ պահուած էր։ Չէ նէ` մեզի չպիտի հասնէր։ Մէկ նամակ մը եկաւ. «Ինծի համար աղօթք ըրէ՛ք, Աստուած ինծի ողորմի» ըսելով լմնցուց նամակը, և ինքն ալ անհետացաւ։ Այլևս նամակ չեկաւ...

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊԸ ԺԱՄԱՆԱԿԻՑՆԵՐԻ ՀՈՒՇԵՐՈՒՄ

Աշխատասիրութեամբ Ալբերտ Շարուրեանի

Կարինե ԳՐԻԳՈՐՅԱՆԻ ՖԲ էջից

Դիտվել է՝ 359

Մեկնաբանություններ